2014-11-26 15:29:40

Արաբ քրիստոնեաներու ապագան նիւթին մասին ժողով` Ամմանի յայտարարութիւնը։


(Ռ.Վ. 26 նոյեմբեր 2014) Ամմանի մէջ 21-23 Նոյեմբեր 2014, ժողով մը կազմակերպուեցաւ ''Արաբ քրիստոնեաներու ապագան'' նիւթով։ Ժողովին մասնակցողները հաւաքին աւարտին հեռատես նկատուած միացեալ վաւերաթուղթ մը բանաձեւած են որ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու իրավիճակը։
12 կէտերէ բաղկացած Ամմանի վաւերաթուղթը` ստորագրուած է հաւաքին մասնակցող 80 քաղաքագէտներէ, մտաւորականներէ ու եկեղեցականներէ եւ կը նպատակադրէ լաւագոյն ապագայ մը երաշխաւորել Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։
Ամմանի վաւերաթուղթը կը ճանչնայ հարկաւորութիւնը զանազանելու իսլամ կրօնը իսլամ քաղաքականութենէն եւ կը հրաւիրէ արաբ պետութիւնները խտրականութիւն չդնելու իրաւական, ընկերային ու քաղաքական գետնի վրայ, քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ։
Ամմանի վաւերաթուղթը ապա կը հրաւիրէ արեւելքի քրիստոնեաները զգուշանալ կղզիացումի դիրքէն եւ գաղթականութեան դիմելու փորձութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.